Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 4 Դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մայրավանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ ընդունեց Թէլէ Լիւմյէր-Նուր Սաթ պատկերասփիւռի կայանի կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչները, ընկերակցութեամբ նոյն պատկերասփիւռի հովանիին տակ գործող Նուր ալ Շարք հեռատեսիլի կայանին յանձնախումբը: Սոյն յանձնախումբին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէ Դոկտ. Ժան Սալմանեանը:   Շուրջ տարի մը առաջ հաստատուած Նուր…