ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԵԼՈՅԹ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ

Հայոց Ցեղասպանութեամբ հայ ժողովուրդը բնաջինջ ընելու ծրագրին կողքին, ցեղասպան թուրքը նաեւ նպատակ ունէր արմատախիլ ընել ու կործանել հայուն ստեղծագործ միտքը եւ մշակոյթը: Արդարեւ, 24 Ապրիլ 1915-ին, հայ ժողովուրդի ղեկավարութեան ձերբակալութեան ընթացքին, չխնայուեցան հայ մշակոյթի եկեղեցական թէ աշխարհական սպասաւորները, որոնց մէջ ակնյայտ դէմքերէն էր Կոմիտաս Վարդապետ, որուն ներաշխարհը խանգարուեցաւ եւ հանճարեղ ստեղծագործ միտքը ամլացաւ ի տես…