«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ Է»   Հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

 

Սարկաւագութիւնը, որ կը յատկանշուի ծառայութեամբ, եկեղեցւոյ բարձր աստիճաններուն խոնարհագոյնն է: Սարկաւագութեան աւանդութիւնը սկսած է առաքելական շրջանին, երբ քրիստոնէական առաջին համայնքը, հոգատարութեան եւ սպասաւորութեան պաշտօններուն համար, կարիքը կը զգայ ընտրելու եօթը սարկաւագներ: Ահաւասիկ այդ խումբին մէջ էր նաեւ Սուրբ Ստեփանոս, որ նաեւ դարձաւ Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ առաջին մարտիրոսն ու նահատակը: Շաբաթ, 26 Դեկտեմբեր 2015-ին, Հայ Եկեղեցին նշեց, խոնարհութեամբ, ծառայութեամբ եւ նահատակութեամբ իր քրիստոնէական հաւատքը իրագործած առաջին վկային՝ Սուրբ Ստեփանոսի տօնը:

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին աւանդութիւնն է մեծ շուքով տօնել Նախավկային յիշատակը: Այս տարի, առաւել հանդիսաւորութիւն եւ մեր ժողովուրդի զաւակները տօնախմբութեան աւելի հաղորդակից դարձնելու նպատակով, տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Կիրակի, 27 Դեկտեմբեր 2015-ին, նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, պատարագիչն էր Կաթողիկոսարանի Տպարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեան: Քարոզի պահուն սարկաւագները շարուեցան Սրբազան Խորանին վրայ, որուն սպասաւորութիւնը իրենց ծառայութեան գերագոյն նպատակն է: Պատարագիչ Սրբազանը իր քարոզին մէջ վեր առաւ Սուրբ Ստեփանոսի նկարագրային գիծերը՝ բարոյական քաջութիւն, կրօնական նախանձախնդրութիւն, հոգեւոր իրականութիւններու հանդէպ պայծառ եւ յստակ տեսութիւն, հոգեւոր եռանդ ու մանաւանդ ծառայութեան անսահման հոգի եւ հրաւիրեց սարկաւագները, որ իրենց մէջ կերտեն մեծ սուրբին այս արժէքները:

 

Պատարագի աւարտին, Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Վեհարանի դահլիճը, ուր Դպրեվանքի սարկաւագներուն անունով Սարգիս Սրկ. Աճէմեան ուղերձ ընթերցեց: Ապա, Նորին Սրբութիւնը իր Հայրապետական պատգամը փոխանցեց սարկաւագներուն: Ան հաստատեց, որ Սուրբ Ստեփանոսի տօնը չի սահմանափակուիր միայն սարկաւագներով, այլ տօնը իր մէջ կը ներառնէ բոլոր անոնք, որոնք Նախավկային տիպարով, տարբեր հանգամանքներով ու կերպերով ընտրած են ծառայութեան ճամբան եւ կը ծառայեն մեր եկեղեցւոյ ու ազգին: Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ ծառայութեան մեծութեան մասին եւ ըսաւ. «Պատմութեան մայր էջին վրայ մնացին ու կը յիշուին անոնք, որոնք ծառայած են, եւ ո՛չ թէ իշխած։ Անոնք, որոնք ծառայութեամբ իրենց անձերը ի սպաս դրած են գերագոյն եւ վեհ արժէքներու»: «Այսօր Սուրբ Ստեփանոս կը յիշեցնէ մեզի, եթէ կ’ուզենք մեր քրիստոնէական հաւատքը ճշմարտօրէն ապրիլ, պէտք է միայն ծառայենք: Մենք որպէս այս եկեղեցւոյ նուիրեալ անձեր՝ հոգեւորական թէ աշխարհական, բարերարներ թէ բարեկամներ մեր ունեցածէն բան մը պէտք է դնենք մեր եկեղեցւոյ ու ազգի ծառայութեան գանձանակին մէջ» յիշեցուց Նորին Սրբութիւնը: Խօսելով ծառայութեան վեհանձնութեան եւ իսկական արժէքին մասին Արամ Ա. Կաթողիկոս հաստատեց. «Ծառայութիւնը արժէք է երբ լուսարձակներէ հեռու, նուիրումի, անձնուրացութեան եւ ամբողջական յանձնառութեան ճամբով կ’երթայ ուրիշին՝ մեր նմանին, մեր եկեղեցւոյ, մեր ազգին եւ մեր հայրենիքին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն ներս մենք այս ոգիով, գիտակցութեամբ, յանձնառութեամբ ու տեսիլքով կը կազմաւորենք մեր ժառանգաւորները եւ սարկաւագները, ինչպէս նաեւ միաբանները, որպէսզի ծառայական այս ոգին իրենց կեանքի օրինակով տանին մեր ժողովուրդին»:

 

Հանդիսութեան աւարտին, սարկաւագաց դասն ու ներկայ ժողովուրդը ստացան Հայրապետական օրնութիւն: Ապա, երգուեցաւ «Կիլիկիա» եւ «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգը: