ՍՈՒՐԻՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Հինգշաբթի, 28 Յունուար 2016-ին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի գծով տեղի ունեցած խորհրդակցութեան որպէս շարունակութիւն, Ուրբաթ, 29 Յունուար 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեւոր առաջնորդներու հանդիպումը, մասնակցութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, Հալէպի Թեմի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Գերապայծառ Պետրոս Արք. Միրիաթեանի եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ…

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ ԹԵՄԱՅՈՎ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ-ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

Մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ յատկապէս երիտասարդ՝ ապագայ սերունդին հայեցի առողջ դաստիարակութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաջնահերթ առաքելութիւններէն մին կը հանդիսանայ: Ներկայ արհեստագիտական զարգացումները եւ մանաւանդ ընկերային լրատուամիջոցները, որոնք լայն չափով կ’օգտագործուին մեր երիտասարդ սերունդին կողմէ, ունին իրենց դրական ու ժխտական երեսները եւ պայման է անոնց ճշգրիտ գործածութեան մասին ծրագիրներ մշակել՝ յատկապէս ընդհանրական հարցերու գծով:  …