26 January, 2016

ՅԱՆՈՒՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿՈՒ ՏԱՅ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ, ԻՏԱԼԻՈՅ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին oրհնութեամբ ու տնoրինումով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան Իտալիա մեկնեցաւ, ընդառաջելով ՍԷնթ Էճիտիo համայնքի հրաւԷրին, 20-24 Յունուար 2016-ին: Սրբազան Հայրը նախ եղաւ Նափոլիի մԷջ, ուր նոյն համայնքին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած դասախoսութեան ներկայացուց Միջին Արեւելքի քրիստոնԷութեան իրավիճակը եւ սուրիահայութեան ու մասնաւորաբար ՀալԷպի տագնապալի կացութիւնը, ընդգծելով յատկապԷս շրջանին մԷջ քրիստոնԷական հաւատքի մեր վկայութիւնը։ Այս առթիւ Սրբազանը յատուկ այցելութիւն մը տուաւ շրջանի Կարտինալին, որուն փոխանցեց Վեհափառ Հoր ողջոյնները եւ ամփոփ զեկոյց մը ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով սուրիահայութեան կատարուող oժանդակութեանց մասին:

 

Սրբազան Հայրը եղաւ Հռոմի մԷջ, ուր ՍԷնթ Էճիտիo համայնքի կեդրոնին մԷջ հանդիպումներ ունեցաւ եւ նոյն ձեւով ներկայացուց Սուրիոյ տագնապի ներկայ զարգացումները: Այս առթիւ Սրբազանը տուաւ մամլոյ ասուլիս: Յատուկ կարեւորութեամբ Վատիկանի պաշտoնական մԷկ անձնաւորութեան հետ տեսակցութիւնը առիթ եղաւ խoսելու մեր Սուրբ Աթոռին եւ Վատիկանի ջերմ յարաբերութեանց:

 

Սրբազան Հoր յաջորդ հանդիպումները կայացան Նովարա քաղաքին մԷջ, ուր նոյնoրինակ զեկուցական ելոյթ ունեցաւ հայ եկեղեցւոյ եւ սուրիահայութեան առնչութեամբ:

 

Երկուշաբթո 25 Յունուարին Սրբազան Հայրը մայրավանք վերադարձաւ եւ Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց իր զեկոյցը: