Երեքշաբթի, 5 Յունուար 2016-ի կէսօրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Վեհարանի հիւրասրահին մէջ ընդունեց Ասորի Կաթոլիկներու Եունան Պատրիարքը, որուն կ’ընկերակցէին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Քաս-Մուսա Եպիսկոպոսը եւ այլ հոգեւորականներ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:
Խորհրդակցական այս հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումները: Յատուկ քննարկումի նիւթ դարձաւ յառաջիկայ Փետրուարին Հռոմի մէջ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան ներկայութեան նուիրուած համաժողովը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին հետ աղերս ունեցող հարցեր:
Հանդիպումի աւարտին Եունան Պատրիարքը շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետին Նոր Տարին եւ Ս. Ծննդեան տօնը: Իր կարգին, Արամ Ա. Կաթողիկոս փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները: