Հինգշաբթի, 17 Մարտ 2016-ի երեկոյեան, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Ծառայութեան Տարուան» առիթով Հայրապետական Օրհնութեան Գիրով գնահատեց Տիար Հրայր Ծերունեանը, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, միաբան հայրերու, ազգայիններու, թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու եւ հարազատներու ներկայութեան։
Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ Տիար Ծերունեանի նկարագրային երեք կարեւոր արժէքներուն մասին՝ աշխատասիրութիւն, համեստութիւն եւ պարկեշտութիւն։ Ան նաեւ անդրադարձաւ Ծերունեանի շուրջ յիսուն տարիներու եկեղեցանուէր անսակարկ ծառայութեան՝ որպէս թաղական, ինչպէս նաեւ հայ ոսկերչական ձեռարուեստին ընդհանրապէս ու մասնաւորապէս եկեղեցական ոսկերչարուեստին նկատմամբ ունեցած անոր բծախնդրութեան ու բարձր ճաշակին։
Ապա, ընթերցուեցաւ Հայրապետական Օրհնութեան Գիրը, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդգծած էր. «Այսու ուրախութեամբ կ’ուզենք վկայել, որ աւելի քան յիսուն տարիներ դուք նուիրուեցաք հայ եկեղեցւոյ ծառայութեան, յատկապէս որպէս թաղական։ Դուք ներկայացուցիչն էք մեր ժողովուրդի անունին հետ սերտօրէն կապուած ոսկերչական արուեստի այն սերունդին, որ սոսկ ոսկեղէն չշինեց, այլ՝ քանդակեց զայն արուեստի բարձր որակով։ Ձեր ունեցած հմտութեամբ դուք ոչ միայն դարձաք հանրածանօթ արուեստագէտ-ոսկերիչ, այլ նաեւ այս մարզէն ներս պատրաստեցիք նոր սերունդներ, որոնք վստահաբար յարգանքով ու երախտագիութեամբ կը յիշեն Ձեզ, Լիբանանի մէջ թէ այլուր»։
Աւարտին, Տիար Ծերունեան խօսք առնելով իր անհուն շնորհակալութիւնը յայտնեց իրեն շնորհուած այս գնահատանքին ու բարձր պատիւին համար։ Ան այս առիթով Վեհափառ Հայրապետին նուիրեց ձեռաց «Նահատակաց Խաչ»ը եւ մանրամսնօրէն բացատրեց ոսկերչական նուրբ արուեստով ներկայացուած ու խաչին վրայ տեղադրուած խորհրդանշանները, խնդրելով որ յառաջիկայ Ապրիլ 24-ին այս խաչը գործածուի հոգեհանգիստի արարողութեան ընթացքին։