ՔՈՒԷՅԹԻ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԸ ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԷՐԸ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՈՒ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ԿԱԼՈՒԱԾԻ

  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Շաբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, ընդունեց այցելութիւնը Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմի Առաջնորդ Գերապատիւ Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին թեմի Ազգ. Վարչութեան եւ Երեսփոխանական Ժողովի ներկայացուցիչները։   Պատուիրակութիւնը տեղեակ պահեց Վեհափառ Հայրապետը, որ շնորհիւ իրենց յարատեւ աշխատանքին, թեմը գնած է լայն կարելիութիւններ ունեցող…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԵՑ

Այս առաւօտ Վեհափառ Հայրապետը Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Սերժ Սարգսեանին հետ ունեցած հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին ողջունեց սահմանադրութեան փոփոխութիւնները Հայաստանէն ներս եւ յոյս յայտնեց, որ «այս կարեւոր քայլը աւելի պիտի ամրապնդէ ժողովրդավարութիւնը, առիթ պիտի ստեղծէ ժողովուրդը ներկայացնող քաղաքական կուսակցութիւններու աւելի լայն ու գործօն մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ հայրենիքը յուզող հիմնահարցերը հաւաքական ճիգով դիմագրաւելու կարելիութիւնը պիտի ընձեռէ ու…