ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Քահանայութեան պաշտօնը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կարեւորագոյն պաշտօններէն մին է: Պաշտօն մը, որ ըստ էութեան զՔրիստոս կը ներկայացնէ ամէն Ս. Պատարագի ընթացքին աստուածապարգեւ «ընծաներուն» դիմաց: Պաշտօն մը, որ շատ աւելի խոր իմաստ ունի եւ որուն գիտակցումը մեծ պարտաւորութիւններու տակ կը դնէ քահանան: Պաշտօն մը, որ մարդկութեան տրուած մեծագոյն պատիւներէն մին է՝ Սուրբ Բարսեղ Հայրապետի բացատրութեամբ. «Բայց…