Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ 2016-Ը ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ «ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ»

3 Յունուար 2016-ի առաւօտուն, Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, ընթերցուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի 2016 թուականը «Ծառայութեան Տարի» հռչակող պատգամը: Ամբողջ տարուան ընթացքին Հայրապետական այս պատգամը ուղեցոյց պիտի ծառայէ լուսարձակի տակ առնելու ծառայութեան կարեւորութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ազգին կեանքէն ներս: Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերն ու ազգային կառոյցները, անսալով Նորին Սրբութեան կոչին վերարժեւորումի պիտի ենթարկեն եւ յատուկ…