«ՈՂՋ ՍՓԻՒՌՔԸ ԶՕՐԱԿՈՉԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԱԾ Է ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԿՈՂՔԻՆ» Յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Ղարաբաղի Նախագահին
Երկուշաբթի, 4 Ապրիլ 2016-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա. Վեհափառ Հայրապետը, վերջին երկու օրերու ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով, հեռաձայնային կապ հաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մեծարգոյ Նախագահ Տիար Բակօ Սահակեանին հետ, ու յայտնեց իրեն, թէ «Ողջ Սփիւռքը զօրակոչի ենթարկուած է Ղարաբաղի կողքին եւ միակամ ոգիով, կամքով ու հաւատքով պատրաստ է օժանդակելու Ղարաբաղին՝ ամէն իմաստով»։ Հեռաձայնային խօսակցութեան…