ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ «ՓՈԽԱԿԵՐՊՈՂ ԷՔԻՒՄԷՆԻԶՄԻ 3-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ»

3-rd International Theological Colloquium for Transformative Ecumenism   Theme: Growing Together in Transformative Ecumenism   11-16 Յունուար 2016-ին, Թանզանիոյ Մոշի քաղաքի Լուտերական Եկեղեցւոյ համագումարներու կեդրոնին մէջ կայացաւ «Փոխակերպող Էքիւմէնիզմի 3-րդ Միջազգային Աստուածաբանական Համագումարը»: Քորիայի Եկեղեցիներու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս համագումարը կու գար շարունակելու Յուլիս 2013-ին Քորիայի մայրաքաղաք Սէյուլի եւ Յունիս 2014-ին Ֆիլիփեան Կղզիներու մայրաքաղաք Մանիլլայի ժողովներուն…