Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան մասնակցեցաւ Գերմանիոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովին կազմակերպած համագումարին, որ տեղի ունեցաւ 24-26 Փետրուար 2016-ին Հռոմի մէջ:
Արդարեւ, Միջին Արեւելքի տագնապալի իրավիճակէն մեկնելով Գերմանիոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովը համագումարի հրաւիրած Էր Միջին Արեւելքի եկեղեցական պատասխանատուներ եւ ակադեմական մասնագԷտներ, քննարկելու համար ներկայ իրավիճակը, ճանչնալու իրականութիւնները եւ խորհրդակցելու քրիստոնեաներու ներկայութեան խնդրին առնչութեամբ: Շահան Սրբազան իր մասնակցութիւնը բերաւ ընդհանուր քննարկումներուն, յատկապէս զեկուցական ելոյթ ունեցաւ քրիստոնեաներու դերակատարութեան մասին Միջին Արեւելեան ընկերութեան մէջ: Սրբազան Հայրը Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնները փոխանցեց կազմակերպողներուն եւ եկեղեցական պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ ընդգծեց մեր ժողովուրդին կապուածութիւնը Միջին Արեւելքին եւ անոր ընկերութեան: Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխoսութեան կարեւորութեան եւ դիմագրաւող դժուարութիւններուն: Այս ծիրէն ներս, Սրբազանը խoսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներուն մասին, մասնաւորելով ներկայ պատերազմական իրավիճակին մէջ գործադրուած վայրագութեանց նոյն ոճը եւ նոյն հեղինակներուն առկայութիւնը:
Սրբազան Հայրը Անթիլիաս վերադարձաւ Կիրակի 28 Փետրուարին եւ Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց համագումարի մասին: