Չորեքշաբթի, 6 Յունուար 2016-ին կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց Լիբանանի Վարչապետ Ն.Վ. Թամմամ Սալամ: Վարչապետը, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայատնութեան տօնին եկեղեցական արարողութեան աւարտին, անձամբ Նորին Սրբութեան փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները:
Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ Վարչապետին եւ Նորին Սրբութեան միջեւ խորհրդակցական հանդիպման, որուն ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումները, Լիբանանի ներկայ կացութիւնը եւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները: Անձնական այս խորհրդակցութեան աւարտին Ուժանիւթի ու Ջուրի հարցերու Նախարար Արթիւր Նազարեան եւ Պետական Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւս միացան հանդիպումին: