Չորեքշաբթի, 13 Յունուար 2016-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահ Նապիհ Պըրիի ներկայացուցիչ եւ Ամալ Կուսակցութեան քաղաքական դիւանի Ատենապետ Շէյխ Հասան Նասրի պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ: Պատուիրակութիւնը Նորին Սրբութեան փոխանցեց Նախագահ Պըրիի եւ Ամալ կուսակցութեան բարեմաղթութիւնները:
Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի առնչուած հարցեր: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Լիբանանը շրջանային հարցերէն հեռու պահելու, նախագահական շուտափոյթ ընտրութիւն կատարելու եւ կառավարութեան ժողովական կեանքը վերակազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը: