Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Մ. Ա. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

 
Երկուշաբթի, 18 Յունուար 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Մ.Ա. Նահանգներու Կաթոլիկ Եպիսկոպոսներու Համագումարը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Օսքար Գանթու Եպիսկոպոսին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Խորհուրդի Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն գրասենեակին տնօրէնը՝ Դոկտ. Սթէֆըն Գոլէքի եւ Կաթոլիկ Նպաստի Ծառայութիւններ կազմակերպութեան Լիբանանի գրասենեակի պատասխանատուն՝ Տիար Տէյվիտ Պէրնոքի:

 
Պատուիրակութեան այս հանդիպումը կ’իյնար Միջին Արեւելքի զանազան շրջաններու այցելութեան ծիրէն ներս, որու աւարտին պատուիրակութիւնը իր տեղեկագրերը պիտի ներկայացնէ Ա.Մ. Նահանգներու Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդին եւ Ծերակոյտին:
 
Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, թէ Սեպտեմբեր 2014-ին Նախագահ Օպամային հետ հանդիպումին ընթացքին, հինգ Պատրիարքներուն անունով իրենց մտահոգութիւնները արտայայտած է Միջին Արեւելքի ներկայ իրավիճակին ու յատկապէս քրիստոնեաներու ունեցած դժուարութիւններուն մասին: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը վերլուծելով Միջին Արեւելքի ներկայ իրավիճակը շեշտեց, քրիստոնէութեան ներկայութեան կարեւորութիւնը՝ իբր շրջանի ընկերութեան հիմնական տարրերէն մէկը եւ հաստատեց, որ բոլոր եկեղեցիները իրենց գերագոյն ճիգը կը թափեն իրենց զաւակներուն անվտանգութիւնն ու շրջանէն ներս գոյատեւումը ապահովելու: Ան նշեց, թէ Միջազգային ընկերութիւնը եւս այս ուղղութեամբ աշխատանք պէտք է տանի:
 
Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադառնալով ահաբեկչութեան երերւոյթին, զայն որակեց համաշխարհային վտանգ, որ սահման կամ խտրութիւն չի դներ՝ ոչ ցեղային, ոչ կրօնական եւ ոչ ալ համայնքային պատկանելիութեանց միջեւ: Ահաբեկչութեան հետեւանքները ամբողջ աշխարհին վրայ իր ժխտական անդրադարձը կ’ունենայ, հետեւաբար Մ.Ա.Կ.ը եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններ պէտք է լուծումներու մասին մտածեն:
 
Վեհափառ Հայրապետը վերջապէս խօսեցաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները առանց յապաղումի կատարելու անհրաժեշտութեան մասին, յիշեցնելով որ Լիբանանի քրիստոնեայ նախագահի պաշտօնը կարեւոր է, որովհետեւ կը ներկայացնէ Միջին Արեւելքէն ներս բոլոր քրիստոնեաները:
 
Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն: Իսկ պատուիրակութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետին կատարած վերարժեւորումներուն, վերլուծումներուն, իրապաշտ մօտեցումներուն եւ լուսաբանիչ տեղեկութիւններուն համար: