Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ
Չորեքշաբթի, 13 Յունուար 2016-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահ Նապիհ Պըրիի ներկայացուցիչ եւ Ամալ Կուսակցութեան քաղաքական դիւանի Ատենապետ Շէյխ Հասան Նասրի պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ: Պատուիրակութիւնը Նորին Սրբութեան փոխանցեց Նախագահ Պըրիի եւ Ամալ կուսակցութեան բարեմաղթութիւնները: Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի առնչուած հարցեր:…