Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԺԱՖԻ ՇԻԻԹ ԿՐՕՆԱՊԵՏԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Իրաքի Նաժաֆ քաղաքի կրօնապետը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Սուրիոյ եւ Լիբանանի ներկայացուցիչ Շէյխ Ալի Քամալ Պահսունի: Նշենք, որ Նաժաֆ քաղաքը Շիիթ համայնքի կարեւորագոյն հոգեւոր կեդրոններէն մէկն է: Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:…