ԱՆԹԻԼԻԱՍԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐՈՒԱՆ

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի Ուխտի Օրը, որ կը զուգադիպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Չարչարանքներուն եւ Վիրապ Մուտքի տօնի նշման, յատուկ կարեւորութիւն ունի Սուրբ Աթոռիս հոգեւոր կեանքէն ներս։ Արդարեւ, Ուխտի Օրը կանխող շաբթուան ընթացքին՝ երեկոները տեղի կ’ունենան հսկումի արարողութիւն, Ուրբաթ երեկոյեան՝ նախատօնակ, Շաբաթ առաւօտուն՝ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, իսկ Շաբաթ իրիկուն հսկումի արարողութիւն, որու ընթացքին Նորին Սրբութիւնը կը կատարէ հոգեւոր խորհրդածութիւն, Հայ Եկեղեցւոյ «հաւատքի հօր»՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին կեանքին ու առաքելութեան առնչուած։

 

            Կիրակի, Ուխտի Օրուան Պատարագի ընթացքին տեղի կ’ունենայ հանդիսաւոր թափօր Վեհափառ Հայրապետին Նախագահութեամբ՝ ձեռին ունենալով Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Սրբազան Աջի մասունքը։ Նորին Սրբութիւնը թափօրի ընթացքին Հայ Եկեղեցւոյ ամէնէն նուիրական մասունքով կ’օրհնէ բազմահազար հաւատացեալ ժողովուրդը։ Վեհափառ Հայրապետին կողքին թափօրին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն միաբան հայրեր՝ իրենց ձեռքին բռնած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սրբազան մասունքները։

            Յայտնենք, թէ յիշեալ մասունքները զետեղուած են Կիլիկիա թանգարանին մէջ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Ուխտի Օրը նախորդող օրուան ընթացքին Կիլիկիա թանգարան կ’այցելէ եւ անձամբ պատմական մասունքները կը զետեղէ Կիլիկիայէն բերուած մասունքներու արկղին մէջ։