ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԴԱՏԸ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 9 Դեկտեմբեր 2015-ին, Պոլսոյ «Ճազայիր» մամլոյ ասուլիսներու եւ համագումարներու յատուկ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին նուիրուած մամլոյ ասուլիս, կազմակերպութեամբ դատի յանձնախումբի անդամ թուրք փաստաբաններու: Մամլոյ ասուլիսին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէին Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան՝ վարիչ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական եւ Տեղեկատուական բաժանմունքներու եւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան՝ վարիչ…