«ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԴԱՏԸ ԱՌԱՋԻՆ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՔԱՅԼՆ Է ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄԻՆ» Յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Գերմանական Ֆրանքֆուրթըր Ալմայն թերթին

Ուրբաթ, 11 Դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հարցազրոյց ունեցաւ Գերմանիոյ ամէնէն կարեւոր օրաթերթէն Ֆրանքֆուրթըր Ալմայնի հետ։   Հարցազրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանի մօտ բացած դատին կարեւորութիւնը շեշտելով ըսաւ. «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն առընթեր, իրաւական գործընթացի նախաձեռնութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է 100 տարիներ յետոյ։ Այս…