ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴՈՂ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՄՈՒՏՔԻ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 20 Մարտ 2016-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարն ու շրջափակերը, ողողուած էին հազարաւոր մանուկներով, որոնք իրենց ծաղկազարդող ներկայութեամբ մասնակից դարձան Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնի յիշատակութեան՝ եկեղեցական արարողութեանց ու աւանդական մանուկներու թափօրին։

 
 
Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան։ Միաբան հայրերէ, Դպրեվանքի ուսանողներէ, ծնողներէ եւ մանուկներէ կազմուած Ծաղկազարդի թափօրը դարձաւ վանքի շրջափակէն ներս։ Թափօրի աւարտին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս գնահատեց ներկայ ժողովուրդը եւ իր Հայրապետական պատգամը փոխանցեց մանուկներու օր նկատուող Ծաղկազարդի տօնին առիթով։
 
 
Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Այսօր բազմահազար ժողովուրդի ներկայութիւնը Մայրավանքէն ներս պերճախօս վկայութիւն մըն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն ամուր հաւատքին։ Եկած էք այսօր միասնաբար յիշելու Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ եւ մասնակից դառնալու յաղթական թափօրին։ Այսօր ծաղկազարդուած է մեր ժողովուրդի կեանքը ամենուրէք՝ Լիբանանէն սկսեալ մինչեւ Հայաստան, Ղարաբաղ եւ ի Սփիւռս աշխարհի։ Թող որ մեր ժողովուրդի զաւակները մի՛շտ այսպէս մնան ծաղկազարդուած մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով։ Սիրելի ծնողներ, այս արժէքներով պէտք է դաստիարակել ու կրթել մեր զաւակները եկեղեցւոյ կեանքէն, մեր դպրոցներէն ու ընտանիքներէն ներս։ Թող որ Աստուած երկնաւոր շնորհքներով եւ բարիքներով լեցնէ, հարստացնէ ու ծաղկազարդէ մեր ժողովուրդին կեանքը»։
 
 
Ապա, Նորին Սրբութիւնը Վեհարանին մէջ ընդունեց մանուկներն ու անոնց ծնողները, որոնք աջահամբոյրով ստացան Հայրապետական օրհնութիւն: Վեհափառ Հայրապետը բոլոր մանուկներուն նուէրներ բաշխեց, տօնական օրերու սեմին ուրախութեամբ համակելով անոնց սրտերը։