ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ-ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՕՔՍՖՈՐՏԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱՄՊԻՈՆԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Օքսֆորտ Համալսարանի Հայագիտական ամպիոնի կազմակերպութեամբ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան նիւթական աջակցութեամբ, 21-23 Յունուար 2016-ին տեղի ունեցաւ «աշխատանքային» հաւաք մը, որ մէկտեղած էր արեւմտահայերէն գրողներ, մտաւորականներ, մասնագէտներ, մամուլի գործիչներ եւ հրատարակիչներ։ Հաւաքին առաջնորդներն էին Օքսֆորտ Համալսարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Փրոֆէսօր» հոլանտացի հայագէտ Թէօ Մաարթըն Վան Լինթ եւ Օքսֆորտ Համալսարանի Հայագիտական ամպիոնի վարիչ Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան։…