14 Դեկտեմբերի, 2015

ՏԱՍԸ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐ ԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ «ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ, 10 Դեկտեմբեր 2015-ին, Լիբանանի մէջ Արժանթինի, Գերմանիոյ, Դանիոյ, Լեհաստանի, Յունաստանի, Չեխիոյ, Ռուսիոյ, Վատիկանի դեսպանները, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգող Սիկրիտ Քաակ, Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպանին տեղակալը, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, Պէյրութի դիւանագիտական անձնակազմի ղեկավարը, Լիբանանի Արտաքին Գործոց եւ Մշակոյթի նախարարներու ներկայացուցիչները, Հայոց Ցեղասպանութեան Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան, ինչպէս նաեւ  Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան դիւանագիտական անձնակազմը, այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գործող Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանը:

 

Այցելուները ծաղիկներ զետեղեցին դանիացի միսիոնար Մարիա Ճէյքըպսընի շիրիմին: Ապա հիւրերուն իր  ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Մարդկային Իրաւանց միջազգային օրուան առիթով, որ կը նշուի ամէն տարի Դեկտեմբեր 10-ին: Դեսպանը նշեց, թէ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով, Դետեմբեր 9-ին միջազգային ընկերութիւնը պաշտօնապէս նշեց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի եւ Ցեղասպանութեան Կանխարգիլման միջազգային օրը:

 

Այնուհետեւ ներկաները շրջագայեցան թանգարանը, ուր ցուցադրուած են զանազան փաստագրական նիւթեր Հայոց Ցեղասպանութեան, հայ որբերու, «Թռչնոց Բոյն» որբանոցի հիմնադրման եւ Մարիա Ճէյքըպսընի մարդասիրական գործունէութեան վերաբերեալ:

 

Ապա, այցելուները ճաշեցին որու ընթացքին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան ներկաներուն փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ողջոյնները եւ «Թռչնոց Բոյն» հաստատութեան մասին մանրամասնութիւններ ներկայացուց:

More News