Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ

Երկուշաբթի, 4 Ապրիլ 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մասնակցեցաւ Հոգեւոր Պետերու հանդիպման, որ տեղի ունեցաւ Մարոնի Պատրիարքարանի նստավայր Պքերքէի մէջ։ Վեհափառ Հայրապետին ընկերացաւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց Բաժանմունքի պատասխանատու Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան։

 

Մարոնի Եկեղեցւոյ Պշարա Րայի Պատրիարքին կողմէ հրաւիրուած Հոգեւոր Պետերու հանդիպման աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ անդրադարձաւ՝ Լիբանանի նախագահական շուտափոյթ ընտրութեան, քրիստոնեայ-իսլամ համագոյակցութեան, Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման, ծայրայեղականութեան դէմ պայքարի, Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեաներու ներկայութեան կարեւորութեան եւ գաղթականներու հարցերուն։ Սոյն հաղորդագրութեան եւ արծարծուած նիւթերուն գծով Արամ Ա. Կաթողիկոս կարեւոր մատնանշումներ կատարեց։

 

Ապա, ներկաները Րայի Պատրիարքին ճաշի հիւրը եղան, որոնք շնորհաւորեցին անոր պատրիարք ընտրութեան հինգերորդ տարեդարձն ու անուանակոչութիւնը։