2 March, 2016

«ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ 40 ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՆԸՆԴՄԷՋ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ, ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ ՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԵՆՔ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՏԵՍՆԵՆՔ ԱՆՈՐ ԱՆՁԻՆ ՄԷՋԷՆ ԵՒ Ա՛ՅԴ ՎԱՍՏԱԿԸ ԿԸ ՄԵԾԱՐԵՆՔ» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Առնուած «Ազդակ» Օրաթերթէն

 

Երեքշաբթի, 1 Մարտ 2016-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս արժեւորեց ազգային գործիչ, մտաւորական, մանկավարժ եւ ուսուցիչ Կարօ Յովհաննէսեանի 40-ամեայ անխոնջ ծառայութիւնը` հայ մտքի արժանաւոր մշակն ու գործիչը հանդիսաւորապէս մեծարելով եւ պարգեւատրելով: Մեծարանքի հանդիսութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, կազմակերպուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կողմէ ու կը վայելէր հովանաւորութիւնը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:

            Բացման խօսքը արտասանեց Նորա Թաշճեան, ան կարեւոր նկատեց ընկերային կեանքի կազմաւորման ու զարգացման մէջ հաւաքականութեան առաջնորդներուն վարքն ու բարքը, ազգային տեսլականով տոգորուած ըլլալը եւ բարոյական արժէքներ կրելու հանգամանքը: Ապա ըսաւ, թէ Կարօ Յովհաննէսեան կարեւոր նկատած ու ստանձնած է դժուարագոյն ասպարէզներէն` կրթական մշակի ասպարէզը: Ն. Թաշճեան, ներկայացնելով Կարօ Յովհաննէսեանի կենսագրական տուեալները, հաստատեց, որ ան տակաւին կը շարունակէ սնուցանել նոր սերունդներու մտքերն ու հոգիները, զանոնք կը մղէ հմտանալու, փնտռելու ճշմարիտն ու ազնուագոյնը: Ան եզրափակեց խօսքը` ըսելով, թէ Կարօ Յովհաննէսեանի հաւասարակշռուած ու արդարադատ մարդկային եւ գերազանցապէս սկզբունքային նկարագիրը պիտի շարունակէ մնալ չափանիշ ու ներշնչարան:

            Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին մեներգով` Կարօ Քէլէշեան, Շողիկ Թորոսեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի, եւ ասմունքով` Անժելինա Սարգիսեան:

            Առաջին խօսք առնողն էր Քրիստափոր Միքայէլեան, որ` անդրադառնալով Կարօ Յովհաննէսեանի կենսագրական գիծերուն, ըսաւ, թէ ան 44-ամեայ ծառայութեան հոլովոյթով եղած է ու կը մնայ կենարար աղբիւր եւ կենսատու ջուր գիտութեան ու լուսաւորութեան անմահական ատրուշանի լուսապսակ պատուանդանին: Ապա ան ներկայացուց Կարօ Յովհաննէսեանը իբրեւ ուսուցիչ, դաստիարակ ու մանկավարժ: Ան նկատել տուաւ, թէ Կարօ Յովհաննէսեանը իր բովանդակ գիտութիւնը, անսպառ ծով փորձառութիւնը ի սպաս դրած է ու կը դնէ ուսանողութեան եւ կը մնայ ուսուցիչ` միաժամանակ խմբագիր, ուսումնասիրող ու գիտաշխատող: Ք. Միքայէլեան, խօսելով Կարօ Յովհաննէսեանի առանձնայատկութիւններուն մասին, յայտնեց, թէ ան անդուլ պահապանն է արեւմտահայերէնին, որուն ծով շռայլութեան մէջ խորասուզուած, բծախնդրութեամբ կը վերաբերի անոր ճիշդ ու պատշաճ գործածութեան նկատմամբ: Ք. Միքայէլեան զայն յորջորջեց ներկայ ժամանակներու մարդակերտման եւ հայրենակերտման ռահվիրաներէն մէկը, որ  սփիւռքեան յորձանուտին մէջ կ’աշխատի մատղաշ հոգիներուն մէջ սերմանել ազգային ինքնաճանաչութեան դաստիարակութիւնը: Ան դիտել տուաւ, թէ Կարօ Յովհաննէսեան իբրեւ մանկավարժ միշտ ալ ճանչցած է ուսանողին ներուժն ու արժանիքները, հարցերն ու խնդիրները եւ վարձատրած է անոր ջանքերը, ապա  եզրափակեց խօսքը` ըսելով. «Կարօ Յովհաննէսեան մանկավարժի հանգամանքի գագաթնակէտին հասած է այն ծառայութեան համար, զոր մատուցած է հայ դպրոցին, եւ այն առաքելութեան համար, որուն հաւատացած է, եւ նոյն առաքելութեան տեսլականը աճեցուցած եւ սնուցած է իր ուսանողներուն մէջ»:

            Օրուան երկրորդ բանախօսն էր Նազարէթ Պէրպէրեան, որ իր սրտի խօսքն ու վկայութիւնը փոխանցեց ներկաներուն` կեդրոնանալով Կարօ Յովհաննէսեան մտաւորականին եւ խմբագիրին վաստակին եւ արժանաւորութեան վրայ: Ան հաստատեց, որ Կարօ Յովհաննէսեան մտաւորականի այն կերպարն է, որ ծառայութեան ամբողջ կեանք մը ու մտաւորական վաստակ մը կապած է իր անուան` համապատասխան յարգանք պարտադրելով հայ իրականութեան մէջ: Ն. Պէրպէրեան յայտնեց ներկաներուն, թէ Կ. Յովհաննէսեան կը պատկանի լիբանանահայ եւ սփիւռքածին այն սերունդին, որ կազմաւորուած է ու ազգային նկարագիր եւ գաղափարական ինքնութիւն արմատաւորած Մեծ Եղեռնի յիսնամեակին` պահանջատիրական զարթօնքի յաղթ ալիքին մակընթացութեան հետ: Ան ըսաւ, թէ մտաւորական-խմբագիրի եւ ազգային կուսակցական գործիչի իր երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին, Կ. Յովհաննէսեան առաջնորդուած է մէկ ու միակ դաւանանքով, որ կը բխի սեփական ժողովուրդին ձայնը լսելի դարձնելու կոչումէն: Ան  իր ամբողջ էութեամբ ապրած է ժողովուրդին լայն խաւերուն ազգային թէ ընկերային առօրեան, հայ ընտանիք կազմելու եւ պահելու հայ մարդոց ազգապահպանման պայքարին տարողութիւնն ու ծանրութիւնը:

            Ն. Պէրպէրեան ըսաւ, թէ Կարօ Յովհաննէսեան յաջողած էր խօսակիցը ըլլալ երիտասարդներուն` իր գաղափարներն ու կեցուածքները հասցնելով անոնց, ապա նկատել տուաւ, թէ Կ. Յովհաննէսեանի մօտ տիրական եղած է ինքնազարգացման եւ վերանորոգման մղումը, ինչ որ ժամանակին հետ քայլ պահելու եւ լճացման չմատնուելու երաշխիք դարձաւ: Ն. Պէրպէրեան եզրափակեց իր խօսքը` ըսելով, թէ Կարօ Յովհաննէսեան արժանաւոր վկան է ո՛չ միայն աշխատանքի շնորհիւ ազնուացած մարդու հոգիին, այլեւ ազնուականի պատուանդանին յաղթահասակ կանգնած հայ մտաւորականին:

            Գեղարուեստական յայտագիրին նաեւ երկու երգով իր մասնակցութիւնը բերաւ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը:

            Այս առիթով իր սրտի խօսքը արտասանեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, որ ըսաւ, թէ 40 տարի Կարօ Յովհաննէսեան Սփիւռքի հայութեան եւ յատկապէս լիբանանահայութեան կեանքին մէջ դարձաւ ու մնաց հաւատարմօրէն մնայուն ծառայական ներկայութիւն: Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ 40 տարիներու վրայ տարածուած Կ. Յովհաննէսեանի կեանքի փորձառութեան ծառայութեան ընդմէջէն ճանչցած ըլլալով զայն կրնայ արդարօրէն վկայել, որ Կարօ Յովհաննէսեան արժանի է Լիբանանի, Սփիւռքի եւ ամբողջ հայութեան յարգանքին:

            Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «40 տարի շարունակ Կարօ Յովհաննէսեանի մատուցած ծառայութիւնը` մեր մշակոյթին, հայ դպրոցին ու Լիբանանի հայութեան մենք այսօր կը տեսնենք անոր անձին մէջէն»: Ապա Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ այն իրականութեան, թէ պատերազմի ամէնէն դաժան հանգրուաններուն Կ. Յովհաննէսեան լծուած էր Լիբանանի հայութեան վերականգնումի այնքան հրամայական առաքելութեան: Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ Կ. Յովհաննէսեան Մեսրոպ Մաշտոցի զէնքը ձեռին իրերայաջորդ սերունդներ դաստիարակած է, եւ մինչեւ այսօր իր կեանքին մէջ մնայուն ներկայութիւն են գրասեղանը, բեմը, գիրքը, մատիտը, հայ մշակոյթը եւ մարդակերտումի ու հայակերտումի նուիրական օճախը` հայ դպրոցը: Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց, որ մեծարանքը խորքին մէջ ո՛չ թէ անձին, այլ անոր տարած նուիրական աշխատանքին կը վերաբերի, որովհետեւ աշխատանքն է, որ մարդը կ’արժեւորէ:

            Արամ Ա. Կաթողիկոս ուրախութեամբ ու բոլորին ներկայութեան Կարօ Յովհաննէսեանը պարգեւատրեց` անոր շնորհելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը: Ապա ընթերցուեցաւ Հայրապետական կոնդակը, եւ Վեհափառ Հայրապետը «Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով մեծարեց Կարօ Յովհաննէսեանը:

            Աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղեց Կարօ Յովհաննէսեան: Ան ըսաւ, թէ հպարտ կը զգայ արժանանալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պարգեւատրումին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին եւ անոր մաղթեց արեւշատութիւն ու ներուժ` գլուխ հանելու Կաթողիկոսարանին ծրագիրները: Ան Սփիւռքի մէջ գործող բոլոր սրտցաւ մտաւորականներուն եւ ուսուցիչներուն կեանքը նմանցուց սիզիֆեան տառապանքին, ապա ըսաւ. «Ուսուցչական – մանկավարժական ասպարէզը սիզիֆեան տառապանք մըն է: Կը հաւատամ ուսման եւ անոր խաղալիք մեծ դերակատարութեան մարդկային եւ ազգային կեանքին մէջ: Առիթ ունեցած եմ աշխատելու ոչ հայկական տեղական դպրոցներու մէջ, սակայն իմ աշխարհս եղած է եւ է Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսի բանաձեւած հիանալի ազգային փիլիսոփայութիւնը, ըստ որուն, «կը նախընտրեմ մեր հիւանդ ոչխարը, քան ուրիշին առողջ գայլը», որովհետեւ վերջինին առողջութիւնն է, որ կը հիւանդացնէ մեզ»:

            Կ. Յովհաննէսեան, խօսելով նկարագիրի եւ համբաւի մասին, հաստատեց, որ համբաւը կրնայ սոսկ արձանագրուիլ գերեզմանի մը տապանաքարին, մինչ նկարագիրը կ’երթայ գերեզմանէն անդին, անժամանակ եւ մնայուն է: Ան իր խօսքի աւարտին երախտագիտութեամբ յայտնեց, թէ իր աշխատանքը կը պարտի իր կնոջ, որ իրեն հետ համահաւասար եւ լռութեամբ վեր բարձրացուցած է «սիզիֆեան քարը»: Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Կաթողիկոսութեան, Դպրեվանքի Տեսչութեան, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք ելոյթ ունեցան եւ մասնակցութիւն բերին գեղարուեստական յայտագիրին։

More News