ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԵԼՈՅԹ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ

Հայոց Ցեղասպանութեամբ հայ ժողովուրդը բնաջինջ ընելու ծրագրին կողքին, ցեղասպան թուրքը նաեւ նպատակ ունէր արմատախիլ ընել ու կործանել հայուն ստեղծագործ միտքը եւ մշակոյթը: Արդարեւ, 24 Ապրիլ 1915-ին, հայ ժողովուրդի ղեկավարութեան ձերբակալութեան ընթացքին, չխնայուեցան հայ մշակոյթի եկեղեցական թէ աշխարհական սպասաւորները, որոնց մէջ ակնյայտ դէմքերէն էր Կոմիտաս Վարդապետ, որուն ներաշխարհը խանգարուեցաւ եւ հանճարեղ ստեղծագործ միտքը ամլացաւ ի տես թուրքին անըմբռնելի բարբարոսութիւններուն:

 

Այս բոլորով հանդերձ, մահուան ճանապարհէն քալած եւ ցիրուցան դարձած վերապրող հայ ժողովուրդի զաւակները ձախողութեան մատնեցին թրքական ճիւաղային ծրագիրները, վերածաղկեցուցին հայ մշակոյթն ու արուեստը եւ ամենուրէք հնչեցուցին կիլիկեան աշխարհի հոգեւոր ու եկեղեցական բարձր մշակոյթը, հայ ժողովրդական ու դասական երաժշտութիւնը եւ վերակենդանացուցին հայու ստեղծագործ ոգին: Ի հետեւումն մեր ժողովուրդին հաստատակամ այս հաւատքին եւ հայու պիրկ ջիղին ու կամքին, Կիլիկիոյ մշակոյթին հանճար սպասաւորներէն եւ Հայ Եկեղեցւոյ մեծագոյն առաջնորդներէն Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին անուան կնիքը կրող, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբը, ելոյթ ունեցաւ Շաբաթ, 28 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի «Սիրան Մանուկեան» սրահէն ներս: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նախագահեց հանդիսութեան: Ներկայ էին Միաբան Հայրեր, հոգեւոր առաջնորդներ եւ շուրջ հինգ հարիւր հանդիսատեսներ:

 

«Շնորհալի» երգչախումբին այս համերգը, խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտմեանին՝ որուն խմբավարութեան երախայրիքն էր, նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Համերգը կ’ընդգրկէր հայ եկեղեցական, դասական ու ազգային երաժշտական ծրագիր մը, որ բարձր մակարդակի կատարողութեամբ ներկայացուեցաւ հանդիսատեսներու ծափողջոյններուն իսկ վկայութեամբ:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր փակման խօսքին մէջ բարձրօրէն գնահատեց «Շնորհալի» երգչախումբին 45 անդամներուն եւ խմբավար Հայր Սուրբին նուիրուածութիւնը, բծախնդրութիւնը եւ հետեւողական ու յանձնառու աշխատանքը: Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով Շնորհալի անունին ըսաւ. «Աստուծոյ շնորհքը կայ մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ: Մենք պէտք է ծաղկեցնենք այդ շնորհքը մտքի ու հոգիի ծառայութեան ճամբով, եւ դառնանք շնորհալի, շնորհաբաշխ ու շնորհատու»: Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ Հայր Գարեգինը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան օրինակներէն մին է, որ ֆիզիքապէս, մտապէս ու հոգեպէս թրծուած եւ կազմաւորուած է Դպրեվանքին մէջ: Եւ այսօր, մեր միաբանները իրենց ծառայական առաքելութիւնը կ’իրագործեն մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ՝ հոգեւոր, ազգային, մշակութային եւ բարոյական արժէքներու տարածումով:

 

Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնաբաշխ եւ քաջալերական խօսքէն ետք, հանդիսութիւնը աւարտեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ: