Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ «ՄԱՐԱՇ ԿԱՄ ԳԵՐՄԱՆԻԿ ԵՒ ՀԵՐՈՍ ԶԷՅԹՈՒՆ»

Քանի մը օր առաջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ «Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ Հերոս Զէյթուն» հատորը, զոր երկասիրած է Գրիգոր Հ. Գալուստեան (Կիլիկեցի)։ Այս նոր հրատարակութիւնը «Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ Յուշամատեաններ» շարքին Թ. հատորն է։ Շարքը նախաձեռնութիւնն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին։             Զէյթունի առնչուածութիւնը Մարաշի պատմութեան՝ հետաքրքրական է, եւ…