22 February, 2016

«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՄՐՑԱՆՔՆԵՐՈՒ ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ՏԱՐԻՆ

Շաբաթ, 20 Փետրուար 2016-ի յետմիջօրէին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, սկսաւ «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանքներու եօթներորդ տարուան առաջին հանգրուանը:

 

Ինչպէս ծանօթ է, մրցանքները կ’ընդգրկեն երեք մարզեր.-

ա. Հայ Լեզու եւ Գրականութիւն

բ.   Հայոց Պատմութիւն, Հայ Մշակոյթ եւ Կրօն

գ.   Ասմունք

 

Մրցանքները տեղի կ’ունենան երկու մակարդակով՝ միջնակարգ բաժին եւ երկրորդական բաժին:

2015-16 կրթական տարեշրջանի Ասմունքի մրցանքին կը մասնակցին 42 ուսանողներ, որոնք կու գան 18 վարժարաններէ: Մրցանքին երկրորդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 12 Մարտ 2016-ին։

More News