Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ
Ուրբաթ, 5 Փետրուար 2016-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Դեսպան Աշոտ Քոչարեանը։ Նորին Սրբութեան եւ Դեսպան Քոչարեանին խորհրդակցութիւնները առաւելաբար ընդգրկեցին Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները եւ Լիբանանի հայութեան առնչուած հարցեր, առաջարկներ ու ծրագիրներ։