Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՍՐԲԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՏԱՑԵԱԼ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի, 29 Նոյեմբեր 2015-ին, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Թանգարանին կազմակերպութեամբ հայ սրբանկարչութեան խտացեալ դասընթացքի փակման հանդիսութիւնը: Դասընթացքին մասնակից ուսանողները, իրենց գծած սրբապատկերներով դիմաւորեցին Վեհափառ Հայրապետը: Բացման խօսքը կատարեց «Կիլիկիա» Թանգարանի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, որ Նորին Սրբութեան շնորհակալութիւն յայտնեց աննախընթաց այս դասընթացքին…