6 Հունվարի, 2016

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ — ԱՆԹԻԼԻԱՍ

«ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴՒՈՅՆ ԾՆՈՒՆԴԸ ՊԱՏԳԱՄ ՄԸՆ Է ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՀԱՄԱՅՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ԹԷ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՃԱՄԲԱՆ ՍԻՐՈՅ, ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԽԱՂԱՂ ԳՈՅԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ Է» Պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

 

Չորեքշաբթի, 6 Յունուար 2016-ի առաւօտուն ժամը 10-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի զանգերու ղօղանջներուն ներքոյ Հայրապետական թափօրը Վեհարանէն ուղղուեցաւ դէպի Մայր Տաճար, Ս. եւ Անմահ Պատարագով տօնախմբելու մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը:

 

Ստուար թիւով հաւատացեալ ժողովուրդին առընթեր, ներկայ էին Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահ Ն.Վ. Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ Պետական Երեսփոխան Տիար Յակոբ Բագրատունի, Մարոնիթներու Րաի Պատրիարքին ներկայացուցիչ Փօլ Սայահ Եպիսկոպոս, ինչպէս նաեւ օտար ու հայ պետական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ:

 

            2Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մատուցեց Ս. եւ Անմահ Պատարագը: Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց Ծննդեան պատգամը շեշտելով վերանորոգութեան հրամայականը։ Նորին Սրբութիւնը յատկապէս ըսաւ, որ «Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը Բեթղեհէմի մէջ մէկ նպատակ ունէր՝ մարդու վերանորոգումը։ Արդարեւ, մարդը կորսնցուցած էր իր աստուածային պատկերը. այլ խօսքով իր հարազատ մարդկային բնութիւնը եւ դարձած էր մեղքի գերին։ Աստուծոյ Որդին կու գար իր խաչով ու յարութեամբ յաղթելու չարը եւ վերահաստատելու Աստուած-մարդ յարաբերութիւնը։ Արդարեւ, Աստուծմէ հեռու, մարդը ենթակայ կը դառնայ չարի տիրապետութեան»։ Անդրադառնալով ներկայ ժամանակներուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ, թէ «Այսօր, չարը զանազան դիմակներով ու կերպերով սկսած է իր տիրապետութիւնը հաստատել մարդկային ընկերութեան մէջ. տեղ մը՝ փտածութեան ճամբով, այլ տեղ՝ բարոյական ու հոգեւոր արժէքներու բացակայութեան ճամբով, եւ այլ տեղ՝ ահաբեկչութեան ճամբով։ Այսօր, դժբախտաբար մարդը մարդուն թշնամի դարձած է Աստուծոյ անունով։ Մարդը իր նմանը կը սպաննէ Աստուծոյ անունով։ Կրօնը Աստուծոյ եւ մարդու միջեւ յարաբերութիւն ստեղծելու կոչուած է։ Իրաւունք չունին կրօնի անունով ահաբեկչութիւն կատարել։ Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը պատգամ մըն է ուղղուած համայն աշխարհին թէ՝ Աստուծոյ ճամբան սիրոյ, փոխադարձ հասկացողութեան ու խաղաղ գոյակցութեան ճամբան է»։

 

20            Խօսելով Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան մասին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Միջին Արեւելքը կը գտնուի իր պատմութեան ճակատագրական մէկ հանգրուանին։ Մենք կը մերժենք ամէն տեսակ բռնութիւն, տեսանելի թէ անտեսանելի։ Կը մերժենք կրօնի օգտագործումը ոեւէ մէկուն կողմէ։ Կը մերժենք փոքրամասնութիւններուն ու քրիստոնեայ համայնքներու նկատմամբ ցուցաբերուած անմարդկային մօտեցումները։ Երկար դարեր Միջին Արեւելքը դարձած է կրօններու, մշակոյթներու, ազգերու ու քաղաքակրթութիւններու համակեցութեան վայր։ Հակառակ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւններու, անոնք ապրած են միատեղ ու պահպանած իրենց հոգեւոր, բարոյական ու մշակութային արժէքները։ Բազմազանութեան դէմ ուղղուած հարուածը կը վտանգէ շրջանի ապագան: Միջին Արեւելքէն ներս նաեւ հայ ժողովուրդը 10-րդ դարէն, Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութենէն սկսեալ ապրելով բազմազանութեամբ յատկանշուող այս միջավայրին մէջ, պահած է իր կրօնական ու մշակութային ինքնութիւնը։ Այսօր իրաւունք չունին խումբ մը ծայրայեղականներ խախտելու Միջին Արեւելքէն ներս պատմութեան մէջ արմատացած կրօններու, մշակոյթներու ու ազգերու խաղաղ գոյակցութիւնը։ Այս կացութեան դիմաց, մենք հաւաքական պատասխանատուութիւն մը ունինք, եւ յատկապէս իսլամ կրօնական ու քաղաքական պատասխանատուները, ամուր կեցուածքով դատապարտելու այս քանդիչ երեւոյթը. երեւոյթ մը, որ աննախատեսելի հետեւանքներ կրնայ ունենալ նաեւ Միջին Արեւելքէն անդին»։

 

            Վերջապէս, Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադառնալով Լիբանանի ներքին կացութեան շեշտեց «կարելի փութով նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը։ Ես չեմ կրնար երեւակայել, որ երկիր մը այսպէս մնայ առանց նախագահի։ Դժբախտաբար ինչ որ անբնական է, սկսած է Լիբանանի մէջ դառնալ բնական։ Արդեօք մենք, մեր երկրին նախագահը ընտրելու պարտաւորութիւնն ու իրաւունքը չունի՞նք։ Ժողովուրդին կողմէ ընտրուած երեսփոխանները լուրջ պատասխանատուութիւն մը ունին։ Ժողովուրդը հաշիւ կը պահանջէ իր երեսփոխաններէն։ Ընդունելի չէ որ ներկայ կացութիւնը շարունակուի»։

 

            27Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց քաղաքական եւ պետական անձնաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ ներկայ ժողովուրդին շնորհաւորութիւնները:

 

            Ժողովրդական շնորհաւորութիւններէն ետք, յետ միջօրէին ժամը 1:30-ին Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց Լիբանանի Վարչապետ Ն.Վ. Թամմամ Սալամ, անձամբ Նորին Սրբութեան փոխանցելու իր շնորհաւորութիւնները: Վարչապետին այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ, անձնական խորհրդակցական հանդիպում մը ունենալու Վեհափառ Հայրապետին հետ:

More News