ՀԶՊԱԼԼԱ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Հինգշաբթի, 7 Յունուար 2016-ի կէսօրէ ետք ժամը 4-ին, Լիբանանեան Հզպալլա Կուսակցութիւնը ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Կուսակցութեան քաղաքական դիւանի ատենապետը, որուն կ’ընկերանային Լիբանանեան Խորհրդարանին մէջ Հզպալլան ներկայացնող երեսփոխաններ եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներ: Պատուիրակութիւնը Հզպալլա Կուսակցութեան Ընդհանուր Քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլայի անունով շնորհաւորեց Նորին Սրբութիւնն ու հայ համայնքը Ս.…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ Ն.Վ. ԹԱՄԱՄ ՍԱԼԱՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 6 Յունուար 2016-ին կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց Լիբանանի Վարչապետ Ն.Վ. Թամմամ Սալամ: Վարչապետը, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայատնութեան տօնին եկեղեցական արարողութեան աւարտին, անձամբ Նորին Սրբութեան փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները:   Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ Վարչապետին եւ Նորին Սրբութեան միջեւ խորհրդակցական հանդիպման, որուն ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումները, Լիբանանի ներկայ կացութիւնը եւ Լիբանանի…