ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ՀԱՍՏԱՏԵՑ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԻՐ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՈՒԽՏԵՑ ԿԱՌՉԱԾ ՄՆԱԼ ԱՆՈՐ ՀԱՒԱՏՔԻՆ ՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ

1931 թուականին Երջանկայիշտակ Սահակ Բ. Խապայեան Հայրապետի Սրբատառ Կոնդակով հաստատուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ուխտի օրուան 85-ամեակին առիթով, ամբողջ շաբթուան մը եկեղեցական արարողութիւններով ստեղծուած հոգեւոր մթնոլորտը իր զենիթին հասաւ Կիրակի, 13 Մարտ 2016-ին, երբ Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին Հայ Եկեղեցւոյ «հաւատքի հօր»՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սրբազան Աջի մասունքով օրհնուեցաւ Ս. Տաճարն ու Կաթողիկոսարանի բակերը…

«ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՃԳՆԱԺԱՄԻՆ ՍԱՀԱԿ Բ. ԽԱՊԱՅԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ» Ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Շաբաթ, 12 Մարտ 2016-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ուխտի օրուան առիթով, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մասնակցութեամբ միաբան հայրերուն եւ ներկայութեամբ ուխտաւոր ժողովուրդին։ Հսկումի աւարտին Նորին Սրբութիւնը ուրուագծային ակնարկ մը նետեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի կեանքին, հաւատքին ու առաքելութեան։ Ապա, անդրադարձաւ Լուսաւորիչ Հայրապետի…