8 Մարտի, 2016

ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ

Կիներու միջազգային օրը, 8 Մարտը, յիշեցում մըն է առաւել եւս շեշտելու կանանց ունեցած դերակատարութիւնը ընկերութեան կեանքէն ներս: Հայ ժողովուրդը հինէն ի վեր յատուկ յարգանք ցուցաբերած է ու կը շարունակէ ցուցաբերել հայ կնոջ նկատմամբ: Ամէն բանէ առաջ հայ կինը մեզի համար եղած է հայ մայր, այլ խօսքով՝ առողջ հայ ընտանիքին դաստիարակը, մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն պահապանը եւ մեր ազգային ձգտումներուն ռահվիրան: Այսօր հայ մայրը կոչուած է վերանորոգ նուիրումով պահպանելու հայ ընտանիքին սրբութիւնը: Միաժամանակ, մենք պարտաւոր ենք հայ կնոջ դերը աւելի շեշտելու մեր ազգային հաւաքական կեանքէն ներս:
 
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

More News