ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐՈՒՆ

Իւրաքանչիւր տարուայ Բուն Բարեկենդանը կանխող Կիրակիին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը յատուկ հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարէ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Ուխտին ճամբով՝ Աստուծոյ, Հայ Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին իրենց ծառայութիւնը մատուցած եւ առ յաւէտ բաժնուած երջանկայիշատակ հայրապետներուն ու հոգելոյս միաբան հայրերուն:   Կիրակի, 31 Յունուար 2016-ի առաւօտուն, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Դպրեվանքի ուսանողներէ եւ…