Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Մ. Ա. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

  Երկուշաբթի, 18 Յունուար 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Մ.Ա. Նահանգներու Կաթոլիկ Եպիսկոպոսներու Համագումարը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Օսքար Գանթու Եպիսկոպոսին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Խորհուրդի Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն գրասենեակին տնօրէնը՝ Դոկտ. Սթէֆըն Գոլէքի եւ Կաթոլիկ Նպաստի Ծառայութիւններ կազմակերպութեան Լիբանանի գրասենեակի պատասխանատուն՝ Տիար Տէյվիտ Պէրնոքի:   Պատուիրակութեան այս հանդիպումը կ’իյնար Միջին Արեւելքի…