«ԹԱՂԵ՛ՆՔ ՄԵՐ ՄԵՂՔԵՐԸ ՈՐՊԷՍԶԻ ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ ՎԵՐՍՏԻՆ ԿԵԱՆՔ ՍՏԱՆԱՆՔ» Ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Աւագ Ուրբաթ օրը քրիստոնէական եկեղեցւոյ ամէնէն նուիրական օրն է։ Իբր սիրոյ գերագոյն արտայայտութիւն, մարդու փրկութեան համար Խաչափայտին վրայ Աստուածորդին կը պատարագուի Իր արիւնը հեղելով, եւ պատանքուելով կը դրուի գերեզման, շարականագրին բառերով. «Ամէնուն պարգեւ տուողը այսօր Պիղատոսէն պարգեւ կը խնդրուի, եւ լոյսը որպէս թիկնոց հագնողը՝ կը հաւանի Յովսէփին ձեռքով պատանքուիլ»։            …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

 ՅԱՐՈՒՑԵԱԼ ՔՐԻՍՏՈՍ՝ ԿԵԱՆՔԻ ԴՈՒՌԸ             Հայ եկեղեցւոյ մեծ հայրապետներէն՝ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի, Արեւագալի ժամերգութեան յատուկ իր յօրինած յորդորակին մէջ Քրիստոսը կը ներկայացնէ որպէս Կեանքի Դուռը։             Արդարեւ, իր ապրած մարդակեդրոն ու մարդանպատակ կեանքով մարդը մոռցած էր կեանքի ճշմարիտ աղբիւրը՝ Աստուած։             Աշխարհի փառքով ու հաճոյքով իր կեանքը լեցուցած մարդը մոռցած էր կեանքի պարգեւիչը՝ Աստուած։            …