Երկուշաբթի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց մտքով թերաճ հայ մանուկներու Զուարթնոց Կեդրոնի վարչութիւնը։ Յիշեալ վարչութիւնը կը բաղկանայ Լիբանանի ընկերային ծառայութեան նուիրուած կառոյցներու ներկայացուցիչներէ եւ մօտէն կը հետեւի մտքով թերաճ մանուկներու դաստիարակութեան աշխատանքներուն։ Ներկայիս 40 մանուկներ ու պատանիներ կը յաճախեն Զուարթնոց Կեդրոն, ուր կազմակերպուած, հետեւողական եւ արդի մեթոտներով աշխատանք կը տարուի։
Զուարթնոց Կեդրոնի Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահեց իրենց աշխատանքներուն ու յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին։ Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց վարչութեան ու կեդրոնի աշխատակազմին, որոնք նուիրումով ու պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ կը կատարեն իրենց աշխատանքը։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յիշեցուց, որ ներկայ ընկերութիւնը կը խուսափի “թերաճ” բառը գործածելէ ու կը նախընտրէ “տարբեր կարելիութիւններով օժտուած անձեր” բացատրութիւնը։ Այս առիթով, Վեհափառը կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն որ գործնապէս մասնակից դառնան Զուարթնոց կեդրոնի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ անոր առաւել զարգացման ու կազմակերպման ծրագիրներուն։