29 February, 2016

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ՋԱՐԴԵՐՈՒ ԶՈՀԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ Ս. ԳԻՐԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

28 Փետրուար 2016-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նախագահեց Հոգեհանգիստի արարողութեան՝ ի յիշատակ Սումկայիթի ջարդերու զոհերու հոգիներուն:
 
Այս տարի 28-ամեակն է, Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայ խաղաղ բնակչութեան դէմ թուրք-ազերիներու կողմէ գործադրուած բարբարոսութիւններուն եւ ջարդերուն, որոնք իրենց բնոյթով ո՛չ մէկ տարբերութիւն ունէին 100 տարիներ առաջ գործադրուած թուրք ոճրային արարքներէն ու ցեղասպանութենէն։