Մեծի Տանն Կիլկիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր առաքելութեան մէջ կը ներառնէ մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերը՝ որբեր ու ծնողազուրկներ, տարեցներ ու հիւանդներ, երէցներ ու անկարներ: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անձամբ օրինակ կը հանդիսանայ եւ կը քաջալերէ Միաբան Հայրերը, որ յատուկ ուշադրութիւն դարձնեն ընկերային ծառայութեան: Արդարեւ, Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ Վեհափառ Հայրապետը կը շարունակէ այցելել ազգային այն հաստատութիւնները, որոնք մեր ժողովուրդի կարիքներուն կը հասնին ընկերային այլազան ծառայութիւններ մատուցելով:
Այս ծիրէն ներս, Շաբաթ, 26 Դեկտեմբեր 2015-ին, Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոցն ու Աջազուրկներու կեդրոնը (կուրանոց) ընկերակցութեամբ Միաբան Հայրերու: Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, Ծերանոցի տնօրէնութեան ու խնամակալութեան կողմէ եւ միասնաբար հանդիպում ունեցաւ պատսպարեալ ծերունիներուն հետ: Վեհափառ Հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց հաստատութեան պատասխանատուներն ու պաշտօնէութիւնը, իսկ ծերունի մամիկներուն եւ պապիկներուն վստահեցուց, թէ ազգը միշտ տէր պիտի կանգնի իրենց եւ օգտակար հանդիսանայ իրենց բոլոր կարիքներուն: Նորին Սրբութիւնը նաեւ կո՛չ ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն Աստուծոյ իրենց ընծայած բարիքներէն անմասն չձգելու մեր ազգային հաստատութիւններն ու կարօտեալները:
Միաբան Հայրերը Ս. Ծննդեան շարականներու երգեցողութեամբ հոգեւոր մթնոլորտ մը ստեղծեցին եւ նուէրներով մամիկներն ու պապիկները բաժնեկից դարձուցին տօնական ուրախութեան: Ծերունիները իրենց կարգին երգերով եւ արտասանութիւններով ելոյթներ ունեցան եւ բարեմաղթութիւններ ներկայացուցին իրենց Հայրապետին: