Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՏԻԱՐ ԱՐԱ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, 15 Մարտ 2016-ին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վարչապետ Տիար Արա Յարութիւնեան եւ իրեն ընկերակցող ղարաբաղեան պատուիրակութիւնը այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։
 
 
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Ղարաբաղի եւ Սփիւռքի գործակցութեան առնչուած շարք մը հարցեր, ներառեալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ նախաձեռնուած Նոր Կիլիկիա գիւղի վերաշինութեան ընթացքը։ Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց Ղարաբաղի տնտեսական բարելաւման եւ անոր հզօրացման նպաստող ծրագիրներուն Սփիւռքի աւելի գործօն մասնակցութեան հրամայականը։ Ապա, Վարչապետը ճաշի հիւրը եղաւ Վեհափառ Հայրապետին։
 
 
Նշենք, որ Կիրակի, 13 Մարտ 2016-ին, Տիար Արա Յարութիւնեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ ներկայ գտնուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագին եւ մասնակցեցաւ Ուխտի օրուան թափօրին։ Եկեղեցական արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Վարչապետն ու պատուիրակութիւնը Վեհարանի դահլիճին մէջ։