«ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԳՈՐԾԵԼԱԿԵՐՊԻ ՄՇԱԿՈՒՄԸ ՄԵԾԱՊԷՍ ՊԻՏԻ ՆՊԱՍՏԷ ԹԷ՛ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻն, ԹԷ՛ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԹԷ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ» Հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

13-14 Փետրուար 2016-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցող Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի արժեւորման նուիրուած համագումարի եզրափակիչ նիստին, իր խօսքը ուղղելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Համահայկական մտածողութեան ու գործելակերպի մշակումը պիտի նպաստէ թէ՛ Հայաստանին հզօրացման, թէ՛ մեր ազգին միասնականութեան ամրապնդման եւ թէ ազգային պահանջատիրութեան»։
 
 
Յիշեալ համագումարը կազմակերպուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Յանձնախումբին նախաձեռնութամբ, որուն ներկայ էին Հայաստանի Պետութեան Սփիւռքի Նախարար Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեան, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Դեսպան՝ Տիար Աշոտ Քոչարեան, Միջին Արեւելեան երկիրներու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Յանձնախումբերը, թեմակալ առաջնորդներ եւ կուսակցական պատասխանատուներ։ Համագումարի աւարտին ներկաները այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին։ Վեհարանի դահլիճին մէջ Նորին Սրբութիւնը առաջին հերթին ողջունեց թէ՛ Լիբանանի եւ թէ բոլոր Հայոց Ցեղասպանութեան Յանձնախումբերու տարած աշխատանքները։ Ան յատկապէս իր գնահատանքը յայտնեց Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ծաւալման մեծապէս օգտակար դարձած ու դարձող Սփւիռքի նախարարուհին։ Վեհափառ Հայրապետը իր եզրափակիչ խօսքով նախ յիշեցուց, որ «2015 տարուան ընթացքին, մեր կեանքէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը հայաշարժ յառաջացուց եւ մեր ժողովուրդի զաւակները, աշխարհի բոլոր կողմերը, մէկ ազգի ու մէկ պահանջատիրութեան խոր գիտակցութեամբ յիշեցին իրենց նահատակները ու պահանջատիրական զօրեղ կեցուածքով յիշեցուցին իրենց նահատակներուն նուիրական կտակը»։ Շարունակելով իր խօսքը Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Հիմա, որ 100-ամեակի ձեռնարկները հասած են իրենց աւարտին, անհրաժեշտ է, որ համապարփակ ու իրապաշտ մօտեցումով արժեւորումը կատարուի 100-ամեակին, ո՛չ թէ սոսկ տեղի ունեցած ձեռնարկներու թուումով ու դէպքերու նկարագրումով, այլ իրապաշտ արժեւորումով՝ պարզելով թէ՛ մեր թերութիւնները եւ թէ յաջողութիւնները. աշխատանք մը, որ պէտք է շուտով կատարուի Հայաստանը եւ Սփիւռքը ներկայացնող խումբ մը մտաւորականներու կողմէ»։
 
 
Այս ընդհանուր ներածականէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրեց ներկաները նայելու 100-ամեակէն անդին։ «Նման մօտեցում նախ կ’ենթադրէ մեր ժողովուրդի ներքին դրուածքին, կացութեան ու կարելիութիւններուն, ինչպէս նաեւ ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն իրատես արժեւորումը»։ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց թէ՝ «ազգային պահանջատիրութիւնը իր նեղ շրջագիծին մէջ պէտք չէ դիտել։ Ազգային պահանջատիրութիւն կը նշանակէ որպէս ազգ ու հայրենիք ինքնահաստատում ու ինքնահզօրացում, գոյութեան ամրացում, կեանքի բարգաւաճում եւ մեր բռնաբարուած իրաւունքներու վերականգնում ու միջազգային համայնքէն ներս մեր ազգին ու հայրենիքին ներկայութեան ամրապնդում»։
 
 
Այս համապարփակ մօտեցումով Արամ Ա. Կաթողիկոս առաջին հերթին ընդգծեց. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄԸ որպէս հիմք մեր ազգային պահանջատիրական պայքարին։ Տկար, մեկուսացած ու անկազմակերպ Հայաստան մը չի կրնար մեր ազգին իրաւունքներու պահանջատէրը դառնալ. չի կրնար յարգանք պարտադրել ու լսելի դառնալ միջազգային համայնքէն ներս։ Հետեւաբար Հայաստանի հզօրացումը իր տնտեսական, զինուորական եւ այլ բնագաւառներով հրամայական անհրաժեշտութիւն է։ Այս իրագործելու համար արտագաղթի կասեցումը, փտտածութեան վերացումը ու Սփիւռքի առաւել կազմակերպ զօրակցութիւնը Հայաստանին կենսական են»։
 
 
Հայաստանի հզօրացման առընթեր «ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՒԵԼ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄԸ մեր ազգային պահանջատիրութեան կարեւոր երեսներէն մէկն է», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ աւելցուց. «Չմոռնանք, որ մեր հարեւանները գիշեր ու ցերեկ կը մտածեն Ղարաբաղը վերագրաւելու մասին. չմոռնանք, որ նոյնիսկ մեզի բարեկամ նկատուող երկիրները, իրենց աշխարհաքաղաքական շահերէն մեկնած այնքան ալ մեզի համար նպաստաւոր մօտեցումներ չունին Ղարաբաղի հարցի լուծման նկատմամբ։ Հետեւաբար, պէտք է ըլլալ արթո՛ւն։ Ղարաբաղի մէջ մեր ժողովուրդի ֆիզիքական ներկայութիւնը հրամայական է. Ղարաբաղի մեր քաջ բանակին հզօրացումը մեր բոլորին առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է։ Ուրիշներուն ունեցած նիւթական կամ ռազմական լայն կարելիութիւններուն դիմաց, մենք ունինք մեր երիտասարդ զինուորներուն քաջութիւնը եւ մեր ազգին ամբողջական զօրակցութիւնը»։
 
 
Ազգային պահանջատիրութեան երրորդ երեսը, Նորին Սրբութիւնը նկատեց «ՄԵՐ ԲՌՆԱԲԱՐՈՒԱԾ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱՏԻՐԱՑՈՒՄԸ։ 100-ամեակէն ետք, ցեղասպանութեան ճանաչումին զուգահեռ, հատուցումը պէտք է դառնայ կիզակէտը մեր աշխատանքներուն։ Հայ Դատի հետապնդման իրաւական մարզը այնքան ալ նպաստաւոր կարելիութիւններ չþընծայեր մեզի, նպաստաւոր չէ մեր իրաւունքներու ձեռքբերման գծով. սակայն մենք մեր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դնելով պէտք է մուտք գործենք իրաւական մարզէն ներս»։ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առած քայլով Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ Սիսի Կաթողիկոսարանին վերադարձը պահանջելով, դուռը բացած եղանք իրաւական աշխատանքներուն» յիշեցուց Նորին Սրբութիւնը ու ապա աւելցուց. «Այս ծիրէն ներս, վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին, միջազգային օրէնքի մասնագէտներու հետ ունեցած մեր խորհրդակցութեան լոյսին տակ, եկանք այն եզրակացութեան, որ մեր եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներու վերադարձի պահանջքը պէտք է առաջին հանգրուանը դառնայ մեր պահանջատիրութան»։ Անդրադառնալով վերջերս հարցազրոյցի մը ընթացքին այս մասին կատարած իր առաջարկին Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ մասնագէտներէ բաղկացած յանձնախումբ մը պէտք է լծուի Հայաստանի պետութեան, Ս. Էջմիածնի, Անթիլիասի, Երուսաղէմի եւ այլ արխիւներու մէջ գոյութիւն ունեցող կալուածագիրներու եւ յարակից փաստաթուղթերու ու տեղեկութիւններու ցանկագրման եւ ուսումնասիրութեան։
 
 
Ապա Վեհափառ Հայրապետը որպէս երկրորդ կարեւոր կէտ շեշտեց ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒՄԸ։ Ան ըսաւ, որ «Համահայկական մտածողութիւն ըսելով չեմ հասկնար միատեսակ ու միաձեւ մտածողութիւն, չեմ հասկնար մօտեցումներու տարբերութեան վերացում, այլ հիմնական հարցերու շուրջ մեր մօտեցումներու ներդաշնակում, դերերու յստակեցում ու աշխատանքի բաժանում»։ Շարունակելով իր պատգամը Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Մեր իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքներուն մէջ, բնականաբար չենք սպասեր, որ Հայաստանը որպէս պետութիւն մեր կալուածները պահանջէ Թուրքիայէն։ Հայաստանին դերը պէտք է ըլլայ ուղղակի կամ անուղղակի ձեւերով նեցուկ կանգնիլ եկեղեցւոյ, որպէսզի իր վանքերն ու եկեղեցիները պահանջէ. նեցուկ կանգնիլ Սփիւռքին, որպէսզի իր կալուածները պահանջէ։ Ահա թէ ինչո՛ւ դերերու յստակեցումն ու աշխատանքի բաժանումը մեր հաւաքական աշխատանքին մէջ կը նկատենք անհրաժեշտ. այլապէս յաջողութիւններն ու իրագործումները հեռու պիտի մնան մեզմէ ու մենք պիտի մնանք զգացական ու տեսական ոլորտներու մէջ»։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը աւելցուց. «Մենք պիտի գիտնանք, ե՞րբ Հայաստանակեդրոն մօտեցում որդեգրել հարցերուն ու ծրագիրներուն նկատմամբ եւ ե՞րբ մեր հարցերն ու ծրագիրները համահայկական մօտեցումով դիմագրաւել ու լուծումներ որոնել»։
 
 
Իր խօսքի վերջին բաժինին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց՝ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄԸ։ «Մենք կ’ողջունենք Հայաստանի Վսեմաշուք Նախագահին երէկուան խօսքը Հայաստանի նոր Սահմանադրութեան առիթով։ Մեր սպասումն է ու մաղթանքը, որ նոր Սահմանադրութիւնը քաղաքական նոր մշակոյթ, նոր համակարգ ու նոր մտածողութիւն յառաջացնէ ու Հայաստանը դնէ աւելի կայուն ու բարգաւաճ ընթացքի մէջ։ Սփիւռքի մէջ անցնող 100 տարիներու ընթացքին մեզի համար Հայաստանն ու հայութիւնը մնացին գերագոյն արժէք։ Այս ոգիով մենք կազմաւորուեցանք։ Ազգեր կը զօրանան ու կը գոյատեւեն պատմութեան փոթորիկներուն մէջ, երբ ունենան իրենց կեանքին “ամէն բանէ վերը”։ Մեր ժողովուրդին “ամէն բանէ վերը” Հայաստանն է ու հայութիւնը։ Մենք այս խոր գիտակցութեամբ պիտի մտածենք ու գործենք։ Այս շրջագիծէն ներս Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը մենք կը նկատենք հիմնական։ Ճիշդ է, անցնող 25 տարիներու ընթացքին թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի կողմէ գործակցութեան ճամբով իրարու մօտենալու ուղղութեամբ կարեւոր քայլեր առնուեցան, սակայն բաւարար չեն. տակաւին հոս ու հոն յամեցող որոշ մտածողութիւն կամ մօտեցում կայ, որուն պատճառաւ Հայաստանն ու Սփիւռքը իրենց մտածելակերպով ու գործելակերպով տակաւին ամբողջութեամբ չեն ներդաշնակուած. ա՛յդ է որ պէտք է փոխուի։ Ճիշդ է, ինչպէս Պրն. Նախագահը ըսաւ՝ ստեղծել այնպիսի Հայաստան մը ուրկէ չհեռանան մեր զաւակները. մենք կ’ուզենք շարունակել այս յանձնառու մօտեցումը՝ աւելցնելով, ստեղծել այնպիսի՛ Հայաստան, զարգացնել այնպիսի՛ մտածողութիւն, մշակել այնպիսի՛ գործելակերպ, որ կարելի ըլլայ պայմաններու պարտադրանքով Հայաստանէն հեռացած եւ Սփիւռք դարձած մեր ժողովուրդի զաւակները ներգրաւել եւ մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը աւելի ամրապնդել», իր խօսքը եզրափակեց Արամ Ա. Կաթողիկոս։