ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԽՐՈՒԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԴԱՐՁԱՒ ՎԼԱՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆՑ

2-3 Փետրուար 2016-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրուած էր Խրուաթիոյ Տուպրովնիք քաղաքի Եպիսկոպոսին կողմէ ներկայ գտնուելու Վլաս Հայրապետի նահատակութեան 1700-ամեակին, ինչպէս նաեւ Տուպրովնիք քաղաքի մէջ գերեվաճառութեան կասեցման որոշումի 600-ամեակի տօնակատարութեանց: Այս առթիւ, Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան: Սոյն տօնակատարութիւնները մեծ նշանակութիւն ունին քաղաքին համար, որոնց նաեւ մասնակից դարձաւ Ն.Ս. Ֆրանսիս Պապին ներկայացուցիչ կարտինալը: Նշենք, որ Վլաս Հայրապետ Տուպրովնիք քաղաքի պաշտպան սուրբն է եւ քաղաքի բնակչութիւնը, որ ամրօրէն կառչած կը մնայ աւանդութեան, կ’ընդունի սուրբը իբր Փոքր Հայքի Սեբաստիոյ քաղաքի եպիսկոպոս:

 

Գեղամ Արքեպիսկոպոս մասնակից դարձաւ 2 օրերու վրայ տարածուող պաշտօնական եկեղեցական ու ժողովրդային տօնակատարութեանց: Գլխաւոր եկեղեցական արարողութեան ընթացքին, Պապի ներկայացուցիչի ներկայութեան, Սրբազան Հայրը ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին յղած պատգամը եւ ապա, եպիսկոպոսին յանձնեց լանջախաչ մը: Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ Պատարագի արարողութեան եւ աւանդական թափօրին, որ կ’առաջնորդուէր Սուրբ Վլաս Հայրապետի մասունքներով:

 

Տուպրովնիքի քաղաքապետը պաշտօնական ընթրիք մը տուաւ, որուն ներկայ էին Խրուաթիոյ նախագահը, Պապին ներկայացուցիչ կարտինալը, Գեղամ Սրբազանը, շուրջ երեսուն Կաթոլիկ եպիսկոպոսներ եւ աւելի քան 200 հիւրեր:

 

Նոյն օրերուն Տուպրովնիք քաղաքի աւագանիին կողմէ հրաւիրուած էր ռուսահայ ԺԱՄ Մակազինը կատարելու հայկական խաչքարերու նուիրուած ցուցահանդէս մը։ Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ խաչքարերու լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացման եւ խօսք արտասանեց: