«ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏՔԻՆ ՄԱՀՈՎ, ՀԱՅՆ ԷՐ ՈՐ ՊԻՏԻ ՄԱՀԱՆԱՐ ՀԱՅՈՒՆ ՄԷՋ»
Հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս
Հինգշաբթի, 4 Փետրուար 2016-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնը եւ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ: Եկեղեցական արարողութիւններուն հանդիսապետեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Պատարագը մատուցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան:
Պատարագիչ Սրբազանը առաջնորդուելով Զաքարիայի Մարգարէութեան հետեւեալ խօսքով՝ «Այսպէս կ’ըսէ զօրութեանց Տէրը, ոչ զօրքով եւ ոչ զէնքի ուժով, այլ միայն իմ հոգիովս» (Զք 4:6), անդրադարձաւ Վարդանանց խորհուրդին ձգած ազդեցութեանը մեր ժողովուրդի պատմութեան ու գոյապայքարին վրայ. «Այս խօսքերը ցոյց կու տան այն ճանապարհը, որուն մէջէն անցան Սրբոց Վարդանանց 1036 վկաները: Մեր պատմութեան ամէնէն նշանակալից դէպքին եւ մեր պատմութեան նոր շունչ, նոր ոգի, ապրելու եւ գոյատեւելու նոր ոճ տուող Վարդանանց հերոսներու պատկերը եւ պայծառ ներկայութիւնը, մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ հոգեւոր նորոգութեան, ազգային գիտակցութեան, ինքնութեան ու պատկանելիութեան խնդիրները կը լուծեն, ի տես այն բուռ մը ազնուական, աստուածային առաքինութեամբ զարդարուած հերոսներուն, որոնք հայ ժողովուրդի կեանքին նոր ընթացք կու տան»:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին Վեհափառ Հայրապետը թափօրով առաջնորդուեցաւ Վեհարանի դահլիճ, ուր Դպրեվանքի ուսանողներուն կողմէ ժողովուրդին ներկայացուեցաւ Վարդանանց տօնին նուիրուած շարականներ ու երգեր:
Ապա, խօսք առաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ ըսաւ. «Մեր ազգային ու կրօնական տօնացոյցին մաս կազմող Սրբոց Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց տօները, որոնք յաջորդաբար կը նշուին մեր եկեղեցւոյ կողմէ, սովորական տօներ չեն. անոնք կրօնական ու ազգային իմաստով խորունկ նշանակութիւն ունին եւ կարեւոր պատգամ մը՝ դարերէն եկող ու դարերուն գացող։ 451 թուականին Տղմուտ գետի ափին տեղի ունեցած ճակատամարտը, ռազմական իմաստով սովորական ճակատամարտ մըն էր: Սակայն, պատմութեան փոշիներուն տակ չէ ծածկուած, այլ մնայուն ու ճառագայթող ներկայութիւն է դարձած մեր ողջ պատմութեան մէջ, իր իւրայատուկ խորհուրդով ու յաւերժական պատգամով։
Նորին Սրբութիւնը հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ տակաւին կը յիշենք այս տօները: Իր այս հարցումին պատասխանը քաղելով պատմութեան մեզի տուած դասերէն յայտնեց՝
«Ա) Վարդանանք ու Ղեւոնդեանք ոչ միայն հաւատքի մղումով ուղղուեցան Աւարայր, այլ՝ ի խնդիր այդ հաւատքի պաշտպանութեան։ Առաքեալներու կողմէ հայրենի հողին վրայ ցանուած, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի կողմէ վերընձիւղած, Սահակ-Մեսրոպի կողմէ հայացած քրիստոնէական հաւատքը, նոյն ժամանակներու պատմիչին վկայութեամբ “մորթի գոյն” էր ստացած հայութեան համար։ Ան անքակտելիօրէն շաղախուած էր հայու արեան, էութեան, ձգտումներուն ու տագնապներուն հետ։ Ահա թէ ինչու, երբ թշնամին կը փորձէր այդ հաւատքը սպաննել հայուն մէջ, հայն էր որ պիտի սպաննուէր հայուն մէջ։ Այս ճակատագրական կացութեան դիմաց ահաւասիկ հայութիւնը որպէս մէկ ամբողջութիւն ամուր կեցուածք կը ճշդէր՝ հաւատքով ամրացած զօրեղ կեցուածք։
«Բ) Վարդանանք ուղղուեցան Աւարայրի դաշտ ի խնդիր հայրենիքի պաշտպանութեան։ Արդարեւ, քրիստոնէական հաւատքին դէմ ուղղուած որեւէ փորձ, նաեւ ուղղուած էր հայրենիքին դէմ։ Ա՛յս էր հայ ժողովուրդի անխախտ համոզումը։ Կրօն ու հայրենիք նոյնացած են հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Հաւատքի պաշտպանութիւնը հայրենիքի պաշտպանութիւնն էր, եւ՝ փոխադարձաբար։ Հաւատքի ազատութիւնը հայրենիքի ազատութիւնն էր, եւ՝ փոխադարձաբար։ Պատահական չէ հետեւաբար, որ հայ դպրոցի դասարաններէն սկսեալ մինչեւ հայ եկեղեցւոյ խորանները Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց որպէս կարգախօս կը յիշեն “վասն հաւատոյ ու վասն հայրենեաց”ը։ Այս կարգախօսին հաւատքով, ոգիով ու տեսիլքով Վարդանանք ու Ղեւոնդեանք իրենց արիւնը թափեցին Աւարայրի դաշտին վրայ, ու յաջորդող սերունդներուն փոխանցեցին նոյն հաւատքը, նոյն ոգին ու տեսիլքը։ Հետեւաբար, այսօր երբ կը նշենք այս զոյգ տօները, անհրաժեշտ է որ մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ ապրինք ու ապրեցնենք Վարդաններու ու Ղեւոնդներու, ինչպէս նաեւ անոնց հաւատքին զօրութեամբ ու հաւատարմութեամբ պատմութեան ընթացքին հայրենիքին եւ հաւատքին համար արիւն թափած, յայտնի թէ անյայտ բոլոր Վարդաններն ու Ղեւոնդները։ Վա՜յ այն ժողովուրդին, որ պատմութիւնը վերածէ անցեալի, այլ խօսքով՝ անցածի։ Պատմութիւնը իր խորհուրդով ու պատգամով, իր երկունքներով ու ձգտումներով պէտք է ապրի ներկային մէջ։ Պատմութիւնը կերտողը անձեր են ու այդ անձերը սուրբ թէ հերոս, պէտք է դառնան մեզի համար ներշնչումի աղբիւր եւ հաւատքի ու հաւատարմութեան տիպարներ»:
Նորին Սրբութեան ոգեշնչող ու գօտեպնդող պատգամէն վերջ երգուեցան «Կիլիկիա»ն ու Հայրապետական մաղթերգը: Աւարտին ներկաները «Պահպանիչ» աղօթքով ստացան Հայրապետական օրհնութիւնները: