«Դպրեվանքը աստուածաբանական ու հայագիտական կեդրոն ըլլալուն կողքին, հայ մշակոյթը ծաղկեցնող աղբիւր է» Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան բարեբեր տօներուն նախօրեակին, բարձր հովանաւորութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Տեսչութեան, Երկուշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, Դպրեվանքի ԱՐՄԱՇ երգչախումբը, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ Ծննդեան համերգ մատուցեց։
Տէրունական աղօթքի երգեցողութենէն ետք, հոգեւոր հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան։ Հայր Սուրբը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, սոյն ձեռնարկին իր շնորհած հովանաւորութեան եւ անձամբ նախագահելուն համար, ապա ողջունելէ ետք ներկաները, ան խօսեցաւ ելոյթին պատրաստութեան ընթացքին մասին եւ բարի ունկնդրութիւն մաղթեց ներկաներուն։
«Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ» խորագիրը կրող համերգին ճամբով, խմբավարութեամբ Դպրեվանքի հսկիչ՝ Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտըմեանին եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Օրդ. Յասմիկ Գասպարեանին, ԱՐՄԱՇ երգչախումբը ներկայ հանդիսականներուն 15 բազմաձայն շարականներ, ծննդեան եւ հոգեւոր երգեր հրամցուց։
Արական ձայներով որքա՜ն գեղեցիկ եւ հրապուրիչ հնչեցին երաժշտական կտորները։ Երգեցողութեան համաչափութեան ու նուրբ կատարողութեան հրահանգները տուող խմբավար Հայր Սուրբը, անցնող շուրջ երկու ամիսներու ընթացքին, գրեթէ առօրեայ դրութեամբ աշխատած էր ուսանողներուն հետ։ Իսկ երգը, երաժշտութիւնը, արդէն դպրեվանեցիին առօրեային մաս կազմող արուեստի բնագաւառ է։ Դպրեվանքի ուսանողը ուսման ու աղօթքին նուիրական խորհուրդին կողքին ամէն օր երաժշտութիւն կը շնչէ ու կ’արտաշնչէ։
Խորէն Մէյխանէճեանի «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ»ի հրաշալի կատարումէն ետք իր պատգամը փոխանցելու համար բեմ բարձրացաւ Նորին Սրբութիւնը։ Արամ Ա. Կաթողիկոս այս առիթով կանխաւ շնորհաւորեց մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, միաժամանակ խաղաղութիւն մաղթելով համայն աշխարհին։ Ապա ան բարձր գնահատեց Դպրեվանքի Տեսչութիւնը, ԱՐՄԱՇի խմբավարն ու անդամները, Սուրբ Ծննդեան առիթով իրենց կազմակերպած եւ ներկայացուցած համերգին համար եւ ըսաւ. «Ահաւասիկ Դպրեվանքը։ Մեր ուսանողները Դպրեվանքի մէջ այսպէս կը կազմաւորուին։ Ահաւասիկ մեր ժողովուրդին հոգեւոր ու մշակոյթի, գիր ու դպրութեան ապագայ սպասաւորները, որոնք կը կերտուին ու կը տաշուին Դպրեվանքի հոգեպարար մթնոլորտին մէջ։ Մեր ուսանողներուն ներկայացուցած այս փունջ մը երգերը կենդանի վկայութիւն են, թէ Դպրեվանքը աստուածաբանական ու հայագիտական կեդրոն ըլլալուն կողքին, հայ մշակոյթը ծաղկեցնող աղբիւր է»։ «Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ գործող Դպրեվանքը մեր Հայրապետական Աթոռին գոյութեան երաշխիքն է, մենք բոլորս մեր առաւելագոյնը պէտք է ընենք, որպէսզի այս Սրբազան Դարբնոցը մնայ իր վեհութեան ու բարձրութեան վրայ» հաստատեց Վեհափառ Հայրապետը։
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Նորին Սրբութեան «Պահպանիչ»ով։