Կ’ուզենք յայտնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ Նոր Տարուան գիշերը՝ Հինգշաբթի, 31 Դեկտեմբեր 2015-ի կէս գիշերին, յատուկ արարողութիւն պիտի կատարուի Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսի։ Իսկ Ս. եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի յաջորդ օր՝ Ուրբաթ, Յունուար 1-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին։
Պատարագէն անմիջապէս ետք, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ Նոր Տարուան շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի, եւ այս առիթով հայրական պատգամը պիտի յղէ մեր ժողովուրդին:
Նոր Տարուան առիթով, Հինգշաբթի 31 Դեկտեմբերին, Վեհափառ Հայրապետը պատգամ մը պիտի յղէ մեր ժողովուրդին Կաթողիկոսարանին կայքէջի ճամբով:
Դարձեալ Նոր տարուան առիթով Վեհափառ Հայրապետը հարցազրոյց մը պիտի ունենայ OTV հեռատեսիլի հայկական բաժինին հետ, Ուրբաթ, 1 Յունուարին ժամը 4:30-ին:
Կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը Նոր Տարին դիմաւորելու Աստուծոյ ուղղուած գոհաբանական աղօթքով, եւ լսելու Վեհափառ Հայրապետին պատգամները։
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ