«ՀԱՒԱՏՔԻ ԶՕՐՈՒԹԵԱՄԲ ՈՒ ԱՄՈՒՐ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՐԵԼԻ Է ՅԱՂԹԵԼ՝ ՄԵԶԻ ՊԱՐՏԱԴՐՈՒԱԾ ԲՈԼՈՐ ԳՈՅԱՄԱՐՏԵՐԸ»
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Կիրակի, 20 Դեկտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Արցախի պատերազմի ընթացքին նահատակուած հայորդիներու հոգիներու խաղաղութեան համար։
Այս տխուր առիթով Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց՝ թէ «հայրենիքին համար արիւն թափողները հերոսներ ու նահատակներ են։ Արդարեւ, մեր ողջ պատմութեան ընթացքին հայը՝ զինուոր թէ շինարար, մտաւորական թէ հոգեւորական միշտ յանձնառու եղած է իր անձը զոհելու հայրենիքին համար»։ Շարունակելով իր խօսքը՝ Նորին Սրբութիւն ըսաւ. «Արցախի պատերազմը հայրենիքի ու հայու գոյամարտնէ։ Այս գիտակցութեամբ մեր նահատակները զոհուեցան։ Նոյն այս գիտակցութեամբ բոլոր հայորդիները պատրաստ պէտք է ըլլան հայրենիքի ու անոր անկախութեան համար պայքարելու, որովհետեւ հայութեան ու հայրենիքի գոյամարտը կը շարունակուի։ Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ մենք կրնանք մեզի պարտադրուած բոլոր գոյամարտները յաղթել հաւատքի զօրութեամբ ու ամուր միասնականութեամբ»։
Իր խօսքի աւարտին Հայրապետը շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց Արցախի պատերազմի վիրաւորներուն եւ Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւն՝ սգաւոր բոլոր ընտանիքիներուն։