ԻՐԱՆԻ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ
Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպանատան խորհրդական դոկտ. Ապպաս Խավիարը։ Այցելութեան գլխաւոր նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին փոխանցել Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան իսլամական մշակոյթի եւ միջ—կրօնական յարաբերութեանց բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ապուզար Իպրահիմիի նամակը։ Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Հանրապետութեան միջեւ շուրջ քսան (20) տարիներէ ի վեր երկխօսութիւն գոյութիւն ունի կրօնքն…