31 December, 2020

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ

Հինգշաբթի, 31 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց պապական նուիրակ Ժոզեֆ Սփիթերին։ Ան Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին եղբայրական ողջոյնները եւ վերջինիս կողմէ նամակ մը յանձնեց Հայրապետին։

 

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի կացութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթղիկոսութեան ու Վատիկանի գործակցութեան առնչուած հարցեր։ Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Արցախի հարցը։

 

Արդարեւ, Արցախի պատերազմի շրջանին, Վեհափառ Հայրապետը պապական նուիրակին ճամբով մեր մտահոգութիւններն ու սպասումները փոխանցած էր Սրբազան Քահանայապետին եւ Վատիկանի պետական քարտուղարին՝ շեշտելով Արցախի անկախութեան ճանաչման հրամայականը։ Պապական նուիրակը յայտնեց Նորին Սրբութեան, որ Վատիկանը մօտէն կը հետեւի Արցախէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն՝ միշտ կապի մէջ ըլլալով յատկապէս Ռուսիոյ հետ։

 

Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց թէ՛ Լիբանանի եւ թէ Հայաստանի ու Արցախի նկատմամբ Սրբազան Քահանայապետին ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը։